2016-12-30 10:55:00

Սուրիոյ իրավիճակը` ''Արեան խճանկար''. Դամասկոսի մօտ առաքելական նուիրակը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները կը նմանին կամուրջի, տիեզերականութեան տեսանելի նշան մը, երկխօսութեան յատկանիշ։ Երբ այս  տարրը պակսի` երկրին համայն ընկերային եւ կրօնական ''խճանկարը'' կը սկսի տուժել։ Ասոր համար ամէն մէկ ռումբ որ կը պայթի եւ ամէն մէկ անմեղ արեան կաթիլ որ կը հոսի, կը նպաստեն այդ խճանկարի կործանումին''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ` եւ անցեալ 19 նոյեմբերին Կարդինալ նշանակուած Ծիրանաւոր Մարիօ Զենարի, Օսսերվաթորէ Ռոմաօ օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, որուն մէջ բացայայտած է իր մտահոգութիւնը Սուրիոյ բնակչութեան ճակատագրին նկատմամբ, յատկապէս ձմեռային եղանակի ընթացքին ուր բազմաթիւ անհատներ, որոնք պատերազմի պատճառաւ ստիպուած եղան  հեռանալ իրենց բնակարաններէն տակաւին կ՛ապրին վրաններու տակ, ապաստան գտնելով Սուրիոյ սահմանամերձ երկիրներու մէջ ինչպէս Լիբանանը, Թուրքիան եւ Յորդանանը։։

Կարդինալ Զենարի զրոյցի ընթացքին յայտնած է ապա թէ դիւանագիտական բանակցութեան միջոցաւ լուծումի հասնելու համար հարկաւոր է վճռակամութիւն, դիտել տալով թէ այս առընչութեամբ յաճախ կամքի պակաս կայ։ Ան ապա անդրադարձած է Քրիստոնեաներու գաղթի մասին հաստատելով թէ պէտք օգնել ոչ միայն քրիստոնեաներուն այլ բոլոր սուրիացի ժողովուրդին` մնալու իրենց հեղերուն վրայ։

''Քրիստոնեաները ապա ունին առաքելութիւն մը` ըլլալ կամուրջներ կրօնական զանազան խումբերու միջեւ ու անոնց բացակայութիւնը երկիրը կ՛աղքատացնէ - ըսած է Կարդինալ Զենարի հաստատելով թէ ''Քրիստոնեաները ունին տիեզերական մտայնութիւն ու գնահատուած են  այլ դաւանանքներու կրօնապետերու կողմէ, որոնք բազմաթիւ անգամներ իրենց մղձաւանջութիւնը յայտնած են ի տես քրիստոնեաներու գաղթին, որովհետեւ համոզուած են թէ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը կը հարստացնէ ընկերութիւնն ու մշակոյթը''։

''Սուրիոյ մէջ տառապանքը տիեզերական է. Ամենէն շատ տառապողները փոքրամասնութիւններն են  ու այդ փոքրամասնութիւններու դիւրաբեկ օղակը քրիստոնեաներն են'' ըսած է հուսկ Կարդինալ Զենարի, ապա անդրադարձած է քրիստոնեայ բարեսիրական հաստատութիւններուն տածած աշխատանքին եւ անոնց երաշխաւորած բազմաթիւ օգնութիւններուն։

Կարդինալ Զենարի նշած է  թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն քրիստոնեայ եկեղեցական ու կամաւոր աշխարհականներ կը շարունակեն վկայել իրենց հաւատքը անվերապահ կերպով մօտիկութիւն ցուցաբերելով բոլորին անխտիր։

Ակնարկելով հուսկ Սուրիոյ ապագային` Կարդինալ Զենարի յոյս յայտնած է որ համակեցութեան մշակոյթը որ յատկանշած էր Սուրիոյ իրողութիւնը, վերահաստատուի նաեւ պատերազմէն ետք, շնորհիւ նաեւ կրօնապետերու մօտեցումին ու անոնց յանձնառումին։ Կը յուսամ որ խճանկարը վերականգնուի նա մանաւանդ կրօնապետերու օժանդակութեամբ - յոյս յայտնած է Կարդինալ Մարիօ Զենարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.